2014-06-02 09:25:36

''Դուք շնորհքի շարժում մըն էք''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսելով ''խարիզմականները'' ձգտելու միութեան։


''Միութեան ուժով նոր առաքելականութիւն մը''` այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յորդորը, ուղղուած` Կաթողիկէ խարիզմաթիք շարժումներու անդամներուն, Կիրակի` 1 յունիսի երեկոյեան, Հռոմի ''Օլիմփիքօ'' մարզադաշտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, 55 երկիրներէ ժամանած, 52 հազարէ աւելի անդամներ, որոնք 1 եւ 2 Յունիսին, Հռոմի մէջ մասնակցեցան ''Սուրբ Հոգւոյն մէջ վերանարոգում'' շարժումի 37-րդ ազգային հաւաքին։
''Աւետարանութիւն, հոգեւոր համամիութիւն, աղքատներուն ու չքաւորներուն խնամատարութիւն եւ գաղթականներուն հիւրընկալութիւն'' այս է ձեր ուղեւորութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ հաստատելով թէ ''այս բոլորին հիմը ` պաշտամունքն է։ ''Վերանորոգումի հիմը զԱաստուած պաշտելն է'' ըսաւ Քահանայապետը յորդորելով ձգտելու ''միութեան'' որովհետեւ միութիւնը Սուրբ Հոգիէն կը բխի, մինչ բաժանումը սատանայական է։
''Գացէք ու Աւետարանը հռչակեց ճամբաներուն վրայ'' ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Յիսուսի` Պենտեկոստէի օրուան առթիւ արտասանած խօսքերը, ''Մօտեցէք աղքատնրեուն ու անոնց մէջ գտնուող Յիսուսի վէրքերը խնամեցէք, թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ ձեզ ազատութեամբ, մի կաշկանդէք Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը''։ Դուք – ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդունեցաք Սուրբ Հոգին որ ձեզի յայտնեց Աստուծոյ սէրը հանդէպ իր զաւակներուն։ Սուրբ Հոգիի մէջ վերանորոգումը մեծ ծառայութիւն մըն է` աւետարանի հռչակումին ի սպաս, ընդգծեց Սրբազան Հայրը ու ապա հրաւիրեց բոլորը իրենց մօտ ունենալու միշտ Աւետարանի գիրքը ու զայն կարդալու։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ զրուցելու ներկաներուն հետ ու իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն պատասխանելու։ Ան շեշտը դրաւ ''Ընտանիքին'' վրայ որ ''թիրախ է յարձակումներու''։ ''Ընտանիքը այդ տնային Եկեղեցին է որ տագնապի մէջ է, որովհետեւ սատանան կ՛ուզէ զայն կործանել'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա հաստատեց թէ տարեցները ''մեր իմաստութիւնն են, Եկեղեցւոյ իմաստութիւնը ու թէ անոնք մեր հաւատքի պահապաններն են''։ Արտայայտուելով ապա երիտասարդներուն մասին հաստատեց թէ ''անոնք ըլլալու են յանդուգն, եւ կեանքը դիմագրաւելու են յանդգնութեամբ, ընթանալով յառաջ։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ապա քահանաներուն, յորդորեց որ մօտիկ ըլլան Աստուծոյ ժողովուրդին եւ Յիսուսին, ապա վերանորոգեց միութեան յանձանռումի հրաւէրը ու հրաժեխտ առաւ բոլորէն անոնց հետ հանդիպելու յոյսով` 2017 թուականին, Պենետեկոստէի յոբելեանին։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ շարժումը ծնունդ առած է 1960 ական թուականներուն միացեալ նահանգներու մէջ կէտնպաատակ ունենալով շեշտը դնել 'Սուրբ Հոգւոյ պարգեւներուն'' ու Անոր շնորհած խարիզմներուն։ 37-րդ ազգային հաւաքի բնաբանն է` ''Ապաշխարեցէք. Հաւատացէք. Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին. Դէպի դուրս ընթացող Եկեղեցւոյ մը առաքելութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.